ԵԱՀԿ Մինսքի խումբը նոր ամերիկացի համանախագահ ունի

Միացեալ Նահանգներու պետական քարտուղար Էնթընի Պլինքըն Ֆիլիփ Ռիքըրը նշանակած է Կովկասեան բանակցութիւններուն մէջ ԱՄՆ ներկայացուցիչ եւ Եւրոպայի անվտանգութեան եւ համագործակցութեան կազմակերպութեան (ԵԱՀԿ) Մինսքի խումբի համանախագահ: Այս մասին յայտնած է ԱՄՆ արտաքին գործոց նախարարութեան մամուլի ծառայութիւնը։
Արտաքին գործոց նախարարութիւնը նաեւ հաստատած է, որ պատրաստ է օգնելու Հայաստանին եւ Ատրպէյճանին Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան կարգաւորման բանակցութիւններուն:
Նշուած է, որ համանախագահ Ռիքըր պիտի փոխգործակցի գործընկերներու հետ, ինչպիսիք են Եւրոպական Միութիւնը եւ ԵԱՀԿ Մինսքի խումբի համանախագահի իր դերով պիտի նպաստէ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ ուղիղ երկխօսութեան:
Նշենք, որ մինչ այս ԵԱՀԿ Մինսքի խումբի ամերիկացի համանախագահն էր Էնտրիւ Շոֆըրը։