Զօրաւոր երկրաշարժ Թուրքիոյ եւ Սուրիոյ մէջ. կան զոհեր, վիրաւորներ ու աւերածութիւններ

Թուրքիոյ Կազիայնթէպ քաղաքին մէջ եղած երկրաշարժը ցնցած է Թուրքիոյ տասնեակ քաղաքներ, ինչպէս նաեւ Սուրիոյ եւ Լիբանանի տարբեր շրջանները։
Երկրաշարժի առաջին ցնցումը 7,7 ռիխթըր ուժգնութեամբ էր, Իսկէնտէրունի հիւսիսային շրջանը, երկրորդը՝ 6,4, Թուրքիա-Սուրիա սահմանին։ Յաջորդական երկու Երկրաշարժները տեւեցին աւելի քան 2 վայրկեան։
Թուրքիոյ եւ Սուրիոյ մէջ զոհերուն թիւը կը գնահատուի հարիւրներով եւ երկու երկիրներու պարագային ալ պետական մարմիններ իրենց ամբողջական ճիգը ի գործ դնելով կը փորձեն փրկարարական աշխատանքներ իրականցնել։
Տխուր լուրեր կը հասնին յատկապէս Հալէպ քաղաքէն, ուր գրանցուած են աւելի քան 250 զոհեր: Զոհերու մեծաթիւ ըլլալը պայմանաւորուած է տարբեր շրջաններուն մէջ շէնքերու փլուզումներով։
Զոհերուն մէջ հայեր ալ կան։