Էրտողանի հետ կը հանդիպիմ միայն Սուրիայէն թրքական զօրքերու դուրսբերումէն ետք. Ասատ

2023-03-16
Image

Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատ յայտարարած է, որ պատրաստ է Թուրքիոյ նախագահ Ռեճէպ Թայէպ Էրտողանի հետ հանդիպելու՝ Սուրիայէն թրքական զօրքերու դուրսբերումէն ետք։ Այս մասին Ասատ ըսած է «ՌԻԱ Նովոստի»-ին տուած հարցազրոյցին։

«Ինչ կը վերաբերի Էրտողանի հետ հանդիպման, ապա այդ կապուած է այն փուլին հասնելու հետ, երբ Թուրքիան յստակ ձեւով եւ առանց որեւէ անորոշութեան պատրաստ կ'ըլլայ Սուրիոյ տարածքէն զօրքերու ամբողջական դուրսբերման, կը դադարեցնէ աջակցութիւնը ահաբեկչութեան եւ կը վերադառնայ այն իրավիճակին, որ եղած է մինչեւ Սուրիոյ պատերազմի սկսիլը»,-ըսած է ան՝ սա համարելով միակ տարբերակը, որով հնարաւոր է բանակցութիւններ վարել Էրտողանի հետ։

«Սա միակ տարբերակն է, որով կրնայ կայանալ իմ հանդիպումը Էրտողանի հետ»,- վստահեցուցած է Ասատ։

Նախագահը նաեւ մատնանշած է այն բացասական դերը, որ Թուրքիան խաղցած է Սուրիոյ պատերազմին՝ աջակցելով ահաբեկչական կազմակերպութիւններուն։ «Մեզի համար Թուրքիան զաւթիչ պետութիւն է»,- եզրափակած է Սուրիոյ նախագահը: