Էրտողան Ալիեւէն տեղեկացած է «Հայաստանի սահմանին գործողութեան» աւարտին մասին

2022-09-18
Image

Թուրքիոյ նախագահ Ռէճէպ Թայիպ Էրտողան յայտարարած է, որ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւը տեղեկացուցած է, «Հայաստանի սահմանին գործողութեան» աւարտին մասին։

Այս մասին Էրտողանը յայտարարած է Սամարղանտէն վերադառնալէն անմիջապէս ետք։

Ան ըսած է, իբրեւ թէ «գործողութիւնը» սկսած է, որպէս պատասխան Հայաստանի «սադրանքին»։

«Մենք կը ցանկանք, որ մեր տարածաշրջանին մէջ բնականոն գործընթացները յաջողութեամբ աւարտին, իսկ տարածաշրջանային խաղաղութիւնն ու կայունութիւնը երկար ժամանակով ապահովուին»,- ըսած է Էրտողան։