Ըստ Ատրպէյճանին «Եւրոպական առաքելութիւնը կը խոչընդոտէ կարգաւորման գործընթացը»

2023-02-17
Image

Եւրոպայէն հայ-ատրպէյճանական սահման դիտորդական առաքելութիւն ուղարկելը կրնայ «խոչընդոտել կարգաւորման գործընթացը»։ Ինչպէս հաղորդած է «ԱՊԱ»-ն, այս մասին Միլի Մեճլիսի (Խորհրդարան) նիստին յայտարարած է խորհրդարանի խօսնակ Սահիպա Կաֆարովան:

Սահիպա Կաֆարովան նշած է, որ Ատրպէյճանի հետ սահմանին Հայաստանի մէջ Եւրոպական Միութեան դիտորդական առաքելութեան տեղակայման վերաբերեալ իր դիրքորոշման մասին յայտարարած է նաեւ Ռուսիոյ մէջ կայացած հանդիպումներու ժամանակ: 

Յիշեցնենք, որ Եւրոպական Միութեան առաքելութիւն ուղարկելու հարցը ծագած է 2022թ. սեպտեմբերին Հայաստանի դէմ Ատրպէյճանի յարձակումէն ետք։