Թուրքիան ԱՄՆ-էն ոչ կործանիչներ ստացած է, ոչ ալ ատոնց համար վճարած գումարները. Էրտողան

Թուրքիոյ նախագահ Ռեճէպ Թայէպ Էրտողան յայտարարած է, որ Անգարան Միացեալ Նահանգներէն ոչ կործանիչներ ստացած է, ոչ ալ այն գումարները, որոնք վճարուած են ատոնց համար, տեղեկացուցած է Anadolu գործակալութիւնը։
«Կային մարդիկ, որոնք կը սպառնային մեզ Ս-400-ներու գնման առիթով՝ փոխարէնը ոչինչ չառաջարկելով։ Այժմ մենք բանակցութիւններ կը վարենք F-16-ներ գնելու վերաբերեալ, բայց մեզ կը մերժեն։ Մեզի խոստացած են F-35 ինքնաթիռներ, բայց խոստումը չեն կատարեր։ Չնայած մենք վճարած ենք մօտ 1 միլիառ 400 միլիոն տոլար, ինքնաթիռները չկան, եւ գումարներն ալ վերադարձուած չեն»,-ըսած է պետութեան ղեկավարը:
Ան նաեւ նշած է, որ Թուրքիան «միշտ կը կատարէ տուած խօսքը եւ գործընկերներէն կը սպասէ, որ նոյն կերպ վարուին իր հետ»։