Թուրքիան տեղական արտադրութեան հրասայլ կը ստեղծէ` բաղադրիչները ներկրելով արտերկրէն. The National Interest

2021-04-15
Image

Պաշտպանական ոլորտի վերլուծաբան Քալեպ Լարսընը The National Interest-ի մէջ հրապարակուած յօդուածին մէջ յայտնած է, որ հնարաւոր է` հարաւքորէական երկու ընկերութիւն մարտական շարժիչներ եւ փոխանցման տուփեր մատակարարէ թրքական նոր «Ալթայ» հրասայլի (թանկ) համար։

Լարսընը նշած է, որ Թուրքիան նոր մարտական հրասայլ կը ստեղծէ՝ փորձելով փոխարինել ամերիկեան արտադրութեան իր հին հրասայլերը, եւ աւելցուցած է, որ 2016 թուականին Սուրիոյ մէջ հիւսիսային շրջաններ ներխուժման ընթացքին Թուրքիան կորսնցուցած է 12 թանկ։

Բացի այդ, շարքէն դուրս եկած է նաեւ գերմանկան Leopard տեսակի 2 թանկ։

Վերլուծաբանը նշած է նաեւ, որ նոր «Ալթայ» տեսակի մարտական հրասայլը «զարմացնելու շատ բան չունի»՝ միւս տանկերու համեմատ։

Թուրքիան կ'աշխատի շարժիչային պլոք ստեղծելու համար, որու համար գերմանական արտադրութեան շարժիչներ օգտագործելու անոր յոյսերը մարած են այն բանէն ետք, երբ Սուրիոյ մէջ իր ռազմական գործողութիւններու հետեւանքով Գերմանիան զէնքի էմպարկօ (արգելք դնել) կիրառած է։

Հարաւքորէական K2 հիմնական մարտական հրասայլի շարժիչի եւ փոխանցման տուփերու բաղադրիչները հնարաւոր է, որ օգտագործուին «Ալթայ» թանկերու նոր նախագիծերուն համար, սակայն, ինչպէս յայտնած է Լարսընը, այդ բաղադրիչները նոյնիսկ գերմանական ծագում ունին, որու համար ալ Հարաւային Քորէան ստիպուած պիտի ըլլայ փոխել գերմանական բաղադրիչները՝ Պերլինի զէնքի էմպարկոյէն խուսափելու համար։

Թուրքիոյ կառավարութիւնը կեդրոնացած է երկրի պաշտպանական արդիւնաբերութիւնը զարգացնելու եւ արտասահմանեան արտադրութեան զէնքերէն կախուածութիւնը նուազեցնելու ուղղութեամբ: Թրքական կողմը կը պնդէ, որ «Ալթայ»-ը ամբողջովին տեղական արտադրութեան թանկ է, սակայն Լարսընը նշած է, որ նախագիծը կը յիշեցնէ «Ֆրանքենշթայնի հրէշը»՝ որպէս Թուրքիայէն, Հարաւային Քորէայէն եւ Գերմանիայէն բաղադրիչներու կարկատան: