Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարը խօսած է Հայաստան-Թուրքիա յարաբերութիւններու կարգաւորման գործընթացի մասին

2022-01-20
Image

Թուրքիոյ նպատակը Հայաստանի հետ յարաբերութիւններու ամբողջական կարգաւորումն է, յայտարարած է Թուրքիոյ արտաքին գործերու նախարար Մեւլութ Չաւուշօղլուն։

«Յատուկ ներկայացուցիչներու առաջին հանդիպման ժամանակ քննարկուած են գործընթացն ու նպատակները։ Նպատակը՝ լիակատար բնականոնացումն է։ Հայաստանը նոյնպէս շատ գոհ է անկէ։ Յատուկ ներկայացուցիչները կ'ուսումնասիրեն, թէ ինչ քայլերու կարելի է ձեռնարկել։ Աշխատանք կը տարուի այդ ուղղութեամբ, կը քննարկուին վստահութեան ամրապնդման քայլերը», ըսած է Չաւուշօղլուն։