Թուրքիոյ խորհրդարանը հաստատեց ՆԱԹՕ-ին անդամակցելու Ֆինլանտիոյ յայտը

2023-03-31
Image

Թուրքիոյ խորհրդարանը հաստատած է ՆԱԹՕ-ին անդամակցելու Ֆինլանտայի յայտը, հաղորդած է Anadolu լրատուական գործակալութիւնը։

Այսպիսով, Հիւսիսաթլանթեան դաշինքի բոլոր պետութիւնները վաւերացուցած են Հելսինքիի դիմումը։ Ֆինլանտան պաշտօնապէս կը դառնայ ՆԱԹՕ-ի անդամ։

Թուրքիան եւ Հունգարիան դաշինքի անդամ միակ երկիրներն էին, որոնք երկար ժամանակ հաւանութիւն չէին տար ՆԱԹՕ-ին անդամակցելու Հելսինքիի յայտին։

Այս շաբթուան սկիզբը Հունգարիոյ խորհրդարանը վաւերացուց Ֆինլանտայի անդամակցութիւնը ՆԱԹՕ-ին:

ՆԱԹՕ-ի անդամ երկիրները 2022 թուականի 5 յուլիսին ստորագրած էին Հիւսիսաթլանթեան դաշինքին Ֆինլանտայի եւ Շուէտի միանալու արձանագրութիւնները։ Թուրքիան, սակայն, արգելափակած է անդամակցութեան գործընթացը՝ երկու սքանտինաւեան երկիրներէն պահանջելով քրտական կազմակերպութիւնները ահաբեկչական ճանչնալ, արտայանձնել ահաբեկչութեան մէջ մեղադրուողները, չեղարկել Անգարային զէնքի արգելքը։

Սակայն մարտի սկիզբը Անգարան յայտարարեց, որ պատրաստ է վաւերացնելու Ֆինլանտայի թեկնածութիւնը մայիսին Թուրքիոյ մէջ կայանալիք նախագահական ընտրութիւններէն առաջ։

Շուէտի պարագային Թուրքիան կը շարունակէ առարկութիւններ ունենալ։