Թուրքիոյ, Ռուսիոյ, Իրանի եւ Սուրիոյ արտաքին գործոց նախարարները պիտի հանդիպին Մոսկուայի մէջ. Չաւուշօղլու

2023-03-08
Image

Թուրքիոյ, Ռուսիոյ, Իրանի եւ Սուրիոյ արտաքին գործոց նախարարներու հանդիպումը նախապատրաստման փուլի մէջ է, ռուսական կողմն առաջարկած է յաջորդ շաբաթ հանդիպում կայացնել Մոսկուայի մէջ: Այս յայտարարութիւնն ըրած է Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Մեւլութ Չաւուշօղլուն։

«Մեր արտաքին գործոց փոխ նախարարը պիտի մեկնի Մոսկուա։ Իրանական կողմը նոյնպէս պիտի մասնակցի այդ հանդիպման։ Արդէն յաջորդ փուլին բոլորիս համար յարմար ժամանակ տեղի պիտի ունենայ արտաքին գործոց նախարարներու հանդիպումը։ Յաջորդ շաբաթ երեք պատուիրակութիւններու քառակողմ հանդիպումը պիտի կայանայ Մոսկուայի մէջ, նման հրաւէր մենք ստացած ենք, մենք պիտի մասնակցինք», - ըսած է Չաւուշօղլուն Անգարայի մէջ իրանցի գործընկերոջ հետ ասուլիսի ժամանակ։

Յիշեցնենք, որ 6 մարտին, Ռուսիոյ Դաշնութեան արտաքին գործոց փոխ նախարար Միխայիլ Պոկտանով յայտարարած էր, որ Ռուսիոյ, Սուրիոյ, Թուրքիոյ եւ Իրանի արտաքին գործոց նախարարներու հանդիպում կը նախատեսուի։