Թուրք-սուրիական սահմանի նոր երկրաշարժ տեղի ունեցած է․ Կան զոհեր եւ աւերածութիւններ

6,4 Ռիխթըր աստիճանի երկրաշարժ մը զգացուած է Թուրքիոյ Անտիոք շրջանին մէջ։
Լրատուական աղբիւրներ կը հաղորդեն, որ եղած երկրաշարժին հետեւանքով եւ մասնաւորապէս Թուրքիոյ հարաւարեւելեան Հաթայ շրջանին մէջ տասնեակ կիսափուլ շէնքեր փլուզուած են։
Երկրաշարժի հետեւանքով զոհուած է 3 մարդ, վիրաւորուած՝ 213-ը։ Այս մասին յայտարարած է հանրապետութեան ներքին գործոց նախարարութեան ղեկավար Սուլէյման Սոյլուն, կը հաղորդէ CNN Turk-ը։
Երկրաշարժը նաեւ զգացուած է Սուրիոյ եւ Լիբանանի մէջ։