Ժոզեփ Պորել Ատրպէյճանին կոչ ըրած է ապահովելու Լաչինի միջանցքով ազատ տեղաշարժը

Եւրոպական յանձնաժողովի անունից Եւրոպական միութեան արտաքին գործերու եւ անվտանգութեան քաղաքականութեան հարցերով բարձր ներկայացուցիչ Ժոզեփ Պորել պատասխանած է ընկերվարականներու եւ դեմոկրատներու քաղաքական խումբի Եւրոպական խորհրդարանի պատգամաւոր Տիմիթրիս Փափատաքիսի՝ Լաչինի միջանցքի շրջափակման պատճառով Լեռնային Ղարաբաղի մէջ ստեղծուած մարդասիրական ճգնաժամի վերաբերեալ գրաւոր հարցին։
Իր պատասխանին մէջ Պորել յայտնած է, որ 2022 թուականի դեկտեմբերի սկիզբէն Եւրոպական Միութիւնը ուշադիր կը հետեւի Լաչինի միջանցքի երկայնքով եւ շուրջը տեղի ունեցող իրադարձութիւններու զարգացումներուն եւ ատոնց մարդասիրական ազդեցութեան։
Ան վստահեցուցած է, որ Եւրոպական Միութիւնը, ինչպէս նախապէս, լրջօրէն անհանգստացած է ազատ տեղաշարժի եւ կենսական նշանակութեան ապրանքներու մատակարարման շարունակական սահմանափակումներով, որոնք լուրջ խնդիրներ կ'առաջացնեն տեղի բնակչութեան համար:
Ժոզեփ Պորել իր պատասխանին մէջ յայտարարած է, որ Հարաւային Կովկասի եւ Վրաստանի ճգնաժամի հարցերով Եւրոպական Միութեան յատուկ ներկայացուցիչ Թոյվօ Քլաարի աջակցութեամբ սերտ կապի մէջ է երկու կողմերու հետ: Եւրոպական Միութիւնը Ատրպէյճանին կոչ ըրած է իր իրաւասութեան շրջանակներուն մէջ միջոցներ ձեռնարկելու միջանցքով երթեւեկութեան ազատութիւնն ու անվտանգութիւնը ապահովելու համար՝ համաձայն 2020 թուականի 9 նոյեմբերի եռակողմ յայտարարութեան իր պարտաւորութիւններու:
Եւրոպական Միութեան բարձրաստիճան պաշտօնեան նաեւ ընդգծած է Ռուսիոյ պատասխանատւութիւնը այս հարցով, որու խաղաղապահ ուժերու հսկողութեան տակ է Լաչինի միջանցքը՝ համաձայն նոյն եռակողմ յայտարարութեան։
Պորել յայտնած է, որ Եւրոպական Միութեան մարդասիրական ֆինանսաւորումը՝ ուղղուած հայ-ատրպէյճանական հակամարտութեան հետեւանքները յաղթահարելուն, 2022 թուականին կազմած է 3,6 միլիոն եուրօ: Այն ամբողջութեամբ յանձնուած է Կարմիր խաչի միջազգային կոմիտէին՝ միակ միջազգային մարդասիրական կազմակերպութեան, որ կրնայ գործել Լաչինի միջանցքի երկայնքով գտնուող վայրերուն մէջ։ 2020 թուականին հակամարտութեան սրումէն ի վեր Եւրոպական Միութիւնը շուրջ 27 միլիոն եուրօ յատկացուցած է մարդասիրական օգնութեան եւ արագ վերականգնման համար՝ ուղղուած մարտական գործողութիւններէն տուժած բնակչութեան ամենախոցելի խումբերու աջակցութեան: