Իսրայէլի  յաջորդ  վարչապետը  պիտի դառնայ Նէֆթալի  Պէնէթը 

2021-06-03
Image

Իսրայէլի  յաջորդ  վարչապետը  պիտի դառնայ Նէֆթալի  Պէնէթը:  

Իսրայէլի ընդդիմադիր «Եշ Աթիտ» կուսակցութեան առաջնորդ՝ Եաիր Լափիտին յաջողած է նախարարներու նոր կազմ ձեւաւորել։ Այս մասին Լափիտը 2 յունիսի երեկոյեան յայտնած է երկրի նախագահ՝ Ռովին Ռիվլինին: Լափիտի խօսքով՝ նոր կառավարութիւնը կը յարգէ իր հակառակորդները եւ կ'ընէ հնարաւոր ամէն բան՝ իսրայէլեան հասարակութիւնը միաւորելու համար։

 

2 տարի վարչապետի պաշտօնը պիտի գրաւէ «Նոր աջեր» կուսակցութեան համահիմնադիր՝ Նէֆթալի  Պէնէթը, ապա զինք կը փոխարինէ Լափիտը։ Կառավարութեան ներկայ ղեկավար՝ Բենիամին Նաթանիահուն այդ պաշտօնը գրաւած է 12 տարի։

 

Իսրայէլի նախագահը 5 մայիսին Լափիտին յանձնարարած էր 28 օրուայ մէջ նոր կառավարութիւն ձեւաւորել, քանի որ Նաթանիահուին («Լիքուտ» կուսակցութենէն) տրուած ժամանակամիջոցին մէջ ան չէր յաջողած կառավարութեան դաշինք ստեղծել