Իսրայէլի մէջ աւելի քան 100 000 ցուցարար մասնակցած է վարչապետի դէմ ցոյցին

Տասնեակ հազարաւոր իսրայէլցիներ հաւաքուած են Թէլ Աւիւի մէջ՝ ընդդէմ կառավարութեան նախաձեռնած վիճելի դատական բարեփոխումներու. յատկանշական է, որ զանգուածային ցոյցերու ֆոնին Իսրայէլի պաշտպանութեան նախարար Եոաֆ Կալանթ կոչ ըրած է իշխող դաշինքին դադրեցնելու երկրին մէջ դատաիրաւական փոփոխութիւններու գործընթացը, քանի որ այն «պառակտում» կ'առաջացնէ։ Այս մասին գրած է բրիտանական The Guardian պարբերականը։
Շաբաթ Իսրայէլի պաշտպանութեան նախարարը յայտարած է, որ «իշխանութիւնները պէտք է դադրեցնեն օրէնսդրական գործընթացը» մէկ ամսով՝ հաշուի առնելով փոփոխութիւններու վերաբերեալ հասարակութեան մէջ ստեղծուած պառակտումը։
«Աճող ընկերային ճեղքուածքը իր ճանապարհը բացած է դէպի [բանակ] եւ անվտանգութեան մարմիններ: Սա պարզ, անմիջական եւ շօշափելի սպառնալիք է Իսրայէլի անվտանգութեան համար»,-ըսած է Կալանթ, որ Իսրայէլի վարչապետ Բենիամին Նաթանիահուի աջակողմեան «Լիքուտ» կուսակցութեան անդամ է:
Նախարարի յայտարարութիւնը ողջունած է ընդդիմութեան ղեկավարը:
Ըստ իսրայէլեան լրատուամիջոցներու՝ Թէլ Աւիւի մէջ բողոքի ցոյցերուն շաբաթ օր մասնակցած է մօտ 200 000 մարդ:
Յիշեցնենք, որ Իսրայէլի մէջ զանգուածային ցոյցերը սկիզբ առած են յունուարին, երբ իշխող դաշինքը յայտարարած է իր փոփոխութիւններու փաթեթը, որ, ըստ կառավարութեան, անհրաժեշտ է օրէնսդիրներու եւ դատական համակարգի միջեւ լիազօրութիւնները վերահաւասարակշռելու համար: Այս փոփոխութեան դէմ պայքարողները կը պնդեն, որ այս կերպ իշխանութիւնը կը փորձէ սահմանափակել դատական իշխանութեան գործունէութիւնը։