Իսրայէլի նախագահը կոչ ըրած է դադրեցնելու երկրի մէջ ցոյցերու պատճառ դարձած բարեփոխումներու գործընթացը

Իսրայէլի նախագահ Իսհաք Հերցոկ կառավարութեան կոչ ըրած է անյապաղ դադրեցնելու երկրին մէջ դատական բարեփոխումներու գործընթացը: Այդ մասին ան գրած է Թուիթըրի իր էջին:
Նախագահը դիմած է Քնեսեթի բոլոր խմբակցութիւններու առաջնորդներուն՝ թէ՛ դաշնակից, թէ՛ ընդդիմադիր` յորդորելով երկրի քաղաքացիներու շահերը ամէն բանէ վեր դասել:
«Գիշերը մենք տեսանք շատ բարդ տեսարաններ: Ես կը դիմեմ վարչապետին, կառավարութեան եւ դաշինքի անդամներուն: Մարդոց մօտ մեծ վրդովմունք կը տիրէ: Անվտանգութիւնը, տնտեսութիւնը, հասարակութիւնը՝ ամէն բան վտանգուած է… Յանուն Իսրայէլի ժողովուրդի միասնականութեան՝ կոչ կ'ընեմ դադրեցնելու օրէնսդրական գործընթացը», - ըսած է Հերցոկ:
Կ'ակնկալուի, որ երկրի վարչապետ Բենիամին Նեթանիահուն յառաջիկայ ժամերուն կը յայտարարէ օրինագիծը կասեցնելու մասին: Այս մասին հաղորդած է Jerusalem Post պարբերականը:
Մարտ 26-ին Իսրայէլի հազարաւոր բնակիչներ փողոց դուրս եկան` իրենց դժգոհութիւնը արտայայտելով դատական բարեփոխումներէն: Ցուցարարները հաւաքուած են կառավարական շէնքերու մօտ, խաթարած փոխադրամիջոցներու երթեւեկութիւնը:
Երուսաղէմի մէջ քաղաքացիները կրցած են ճեղքել ոստիկանական արգելապատնէշները եւ հասնիլ վարչապետ Բենիամին Նաթանիահուի նստավայր:
Նոյն օրը յայտնի դարձած է երկրի պաշտպանութեան նախարարի պաշտօնանկութեան մասին. վերջինս պաշտօնանկ եղած է դատական բարեփոխումները քննադատելու պատճառով:
Համաձայն բարեփոխման` խորհրդարանի մեծամասնութեան կը վերապահուի Գերագոյն դատարանի դատաւորներ ընտրելու իրաւունքը: Իսկ դատարանը, իր հերթին, կը կորսնցնէ Կառավարութեան որոշումները բեկանելու իրաւունքը: