Իրանը բոլորը կը զգուշացնէ, որ Իսրայէլի համար Կովկասի մէջ տեղ չբանան. Ապտոլլահեան

Իրանի արտաքին գործոց նախարար Հոսէյն Ամիր Ապտուլլահեան յայտարարած է, որ Կովկասի մէջ իսրայէլեան ռեժիմի ներկայութիւնը տարածաշրջանի առջեւ ծառացած կարեւոր խնդիրներէն է։ Այս մասին գրած է presstv.ir:
«Իրան բոլոր կողմերը կը զգուշացնէ զգօն ըլլալու Իսրայէլի հարցին մէջ եւ թոյլ չտալ Իսրայէլի ներկայութեան Կովկասի մէջ», - Անգարայի մէջ իր թուրք գործընկեր Մեւլութ Չաւուշօղլուի հետ համատեղ մամուլի ասուլիսին ըսած է Ամիր Ապտուլլահեան։
Նախապէս Ապտուլլահեան քանի մը անգամ յայտարարած էր, որ Իրանի Իսլամական Հանրապետութիւնը չի հանդուրժեր սիոնիստական ռեժիմի ներկայութիւնն ու գործունէութիւնն ընդդէմ իր ազգային անվտանգութեան եւ կը ձեռնարկէ այդ ուղղութդամբ անհրաժեշտ ցանկացած գործողութեան: Ան այդ մասին ըսած էր նաեւ Ատրպէյճանի դեսպանի հետ հանդիպման: