Իրան-Սէուտական Արաբիա մերձեցումը կը փոփոխէ ռազմավարական հաւասարակշռութիւնը. Քիսինճըր

2023-03-17
Image

Միացեալ Նահանգներու նախկին պետական քարտուղար Հենրի Քիսինճըր Իրանի եւ Սէուտական Արաբիոյ մերձեցումը անուանած է ռազմավարական հաւասարակշռութեան փոփոխութիւն, գրած է The Washington Post-ը։

«Չինաստանը վերջին տարիներուն յայտարարած է, որ պէտք է մասնակցի աշխարհակարգի ստեղծման։ Այժմ ան կարեւոր քայլ կատարած է այս ուղղութեամբ»,-ըսած է Քիսինճըր՝ ընդգծելով, որ Չինաստանի շնորհիւ է, որ հնարաւոր դարձաւ նախապէս անհաշտ հակառակորդներու միջեւ դիւանագիտական յարաբերութիւններու վերադարձի մասին համաձայնագիրը։

The Washington Post-ի սիւնակագիր Տէյվիտ Իկնաթիուսի խօսքով՝ Մերձաւոր Արեւելքի մէջ տիրող իրավիճակը ցոյց կու տայ, որ Միացեալ Նահանգները այլեւս «տարածաշրջանին մէջ անփոխարինելի ուժ չէ»։

Աւելի վաղ Իրանն ու Սէուտական Արաբիան պայմանաւորուած էին չպատերազմիլ իրար դէմ եւ հետախուզական գործունէութիւն չծաւալել։  Սէուտական Արաբիան կ'ակնկալէ, որ Իրանը կ'իրականացնէ Ռիատի հետ պայմանաւորուածութիւնը, որ ձեռք բերուած է Չինաստանի միջնորդութեամբ։