Լաչինի միջանցքին անցակէտեր ստեղծելու հարց նախատեսուած չէ․ Լաւրով

9 նոյեմբերի յայտարարութեամբ Լաչինի միջանցքին վրայ անցակէտեր ստեղծելու հարց նախատեսուած չէ։ Այդ մասին 28 փետրուարին, Պաքուի մէջ Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարար Ճէյհուն Պայրամովի հետ համատեղ ասուլիսի ժամանակ յայտարարած է Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերգէյ Լաւրով՝ անդրադառնալով Իլհամ Ալիեւի՝ Լաչինի եւ, այսպէս կոչուած, Զանգեզուրի միջանցքներուն վրայ անցակէտեր տեղադրելու յայտարարութեան։
«Լաչինի միջանցքի գործելու կարգը պէտք է համապատասխանէ 2020-ի 9 նոյեմբերի եռակողմ յայտարարութեան։ Այդ կը նշանակէ ազատ տեղաշարժն ապահովել բացառապէս քաղաքացիական անձանց եւ մարդասիրական բեռներու համար։ Անոր կը ձգտինք մենք մեր շփումներու ժամանակ։ Այնտեղ (9 նոյեմբերի յայտարարութեան մէջ–խմբ.) նախատեսուած չէ անցակէտեր ստեղծելու հարցը, բայց կայ հնարաւորութիւն տեխնիկական սարքերով փարատելու կասկածները, որոնք կան։ Մենք այսօր այդ քննարկել ենք, տեխնիկական մանրամասնութիւնները երկրորդական նշանակութիւն ունին»,- նշած է Լաւրով։