Լաչինի միջանցքի շուրջ ստեղծուած իրավիճակը կը բարդացնէ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ խաղաղ բանակցութիւնները. Ռուսիոյ ԱԳՆ

2022-12-26
Image

Լաչինի միջանցքի շուրջ սրումը կը բարդացնէ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ խաղաղ պայմանագրի կնքման աշխատանքները, «ԹԱՍՍ»-ին տուած հարցազրոյցին ըսած է Ռուսիոյ արտաքին գործոց փոխնախարար Միխայիլ Կալուզինը։

«Ի հարկէ, Լաչինի միջանցքի շուրջ ներկայիս սրման նման միջադէպերը չեն կրնար չբարդացնել բանակցութիւններու նախապատմութիւնը, նաեւ՝ խաղաղութեան պայմանագրի շուրջ։ Ռուսական կողմը եռանդուն ջանքեր կը գործադրէ իրավիճակը կարգաւորելու համար», -ըսած է փոխնախարարը։

Ըստ Կալուզինի՝  փաստաթուղթի շուրջ համաձայնութեան ժամկէտը այնքան ալ կարեւոր չէ. գլխաւորն այն է, որ Պաքուն եւ Երեւանը կարենան հասնիլ փոխադարձ ընդունելի լուծման, որ կ'երաշխաւորէ կայուն եւ արդար խաղաղութիւն տարածաշրջանի մէջ։

Անոր խօսքով՝ ռուսական կողմը պատրաստ է աջակցելու բանակցային գործընթացին այնպէս, ինչպէս այդ արձանագրուած է 31 հոկտեմբերին Սոչիի գագաթնաժողովի արդիւնքներով Ռուսիոյ, Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի ղեկավարներու եռակողմ յայտարարութեան մէջ։