Լաւրով փետրուար 27-28-ին պաշտօնական այցով պիտի մեկնի Ատրպէյճան

2023-02-23
Image

Ռուսիոյ Դաշնութեան արտաքին գործոց նախարար Սերգէյ Լաւրովը 27-28 փետրուարին պաշտօնական այցով կը մեկնի Ատրպէյճան։ Այս մասին 22 փետրուարին կայացած ճեպազրոյցին յայտարարած է ՌԴ ԱԳՆ պաշտօնական ներկայացուցիչ Մարիա Զախարովան։

Այցը նուիրուած է դաշնակցային յարաբերութիւններու հռչակման առաջին տարեդարձին։ Այցի ծիրին մէջ նախատեսուած են հանդիպումներ ԱՀ նախագահի եւ արտաքին գործոց նախարարի հետ։ Կը նախատեսուի դիտարկել երկկողմ յարաբերութիւններու հարցերու ողջ շրջանակը, արդիական տարածաշրջանային եւ միջազգային խնդիրներ։ Առանձնայատուկ ուշադրութիւն պիտի դարձուի Ռուսիոյ Դաշնութեան, Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի ղեկավարներու միջեւ 2020 թուականի նոյեմբեր 9-ին, 2021 թուականի յունուար 11-ին եւ նոյեմբեր 26-ին եւ 2022 թուականի հոկտեմբեր 31-ին կնքուած համաձայնագիրներու իրականացման: «Այդ փաստաթղթերը կոչուած են եւ կը մնան Հայաստանի ու Ատրպէյճանի յարաբերութիւններու կարգաւորման կարեւորագոյն տարրը, որոնք պէտք է նպաստեն անոր, որ Հարաւային Կովկասը վերածուի խաղաղութեան, կայունութեան եւ բարգաւաճման գօտիի։ Պաքու այցի երկրորդ օրը նախարար Լաւրովը ելոյթ կ'ունենայ ռուս-ատրպէյճանական փորձագիտական խորհուրդի լիագումար նիստին»։