Ծերակոյտը Թեֆ Ֆլէյքը հաստատած է Թուրքիոյ մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպանի պաշտօնին

2021-10-29
Image

Միացեալ Նահանգներու Ծերակոյտը երեքշաբթի օր հաստատած է Ճէֆ Ֆլէյքը, որպէս Թուրքիոյ մէջ ԱՄՆ-ի նոր դեսպան, հաղորդած է ամերիկեան Քոնկրեսի վերին պալատի մամլոյ ծառայութիւնը։

Ֆլէյքի թեկնածութիւնը առաջարկած էր նախագահ՝ Ճօ Պայտըն, առաջադրումը Ծերակուտականի կողմէ հաստատուած է միաձայն։

Ֆլէյք նախկին ծերակուտական է եւ 2013-2019 թուականներուն Միացեալ Նահանգներու խորհրդարանի վերին պալատին մէջ ներկայացուցած է Արիզոնա նահանգը, աւելի վաղ՝ 2001-էն ի վեր քոնգրէսական էր Ներկայացուցիչներու պալատը։