Կայացած է ՀԱՊԿ Պաշտպանութեան նախարարներու խորհուրդի արտահերթ նիստը

2022-01-14
Image

13 Յունուարին տեսակապի միջոցաւ կայացած է Հաւաքական անվտանգութեան պայմանագրի կազմակերպութեան պաշտպանութեան նախարարներու խորհուրդի արտահերթ նիստը։

Նիստը վարած է ՀԱՊԿ պաշտպանութեան նախարարներու խորհուրդի նախագահ, Հայաստանի Հանրապետութեան պաշտպանութեան նախարար՝ Սուրէն Պապիկեան, մասնակցած են ՌԴ-ի, Պելառուսիոյ, Ղազախստանի, Խրխզիստանի, Տաճիկստանի պաշտպանութեան նախարարները, ՀԱՊԿ-ի Միացեալ շտապի պետ, զօրավար-գնդապետ Անատոլի Սիտորով, ՀԱՊԿ գլխաւոր քարտուղարի տեղակալ՝ Թախիր Խայրուլոեւ եւ Ղազախստանի Հանրապետութեան մօտ ՀԱՊԿ Հաւաքական խաղաղապահ ուժերու հրամանատար, զօրավար-գնդապետ Անտրէյ Սերտիւքով։

ՀԱՊԿ-ի անդամ երկիրներու պաշտպանութեան նախարարները նիստի ընթացքին քննարկած են Ղազախստանի Հանրապետութեան մէջ խաղաղապահ գործողութեան արդիւնքները, ինչպէս նաեւ տարածաշրջանային անվտանգութեան ապահովման եւ առաջացող սպառնալիքներուն արագ արձագանգման մեքենականութիւններու կատարելագործման հարցեր։

ՀԱՊԿ պաշտպանութեան նախարարներու խորհուրդի արտահերթ նիստին ի արդիւնք, պաշտպանական գերատեսչութիւններու ղեկավարները ստորագրած են «Ղազախստանի Հանրապետութեան տարածքէն ՀԱՊԿ անդամ երկիրներու խաղաղապահ ստորաբաժանումներու վերադարձը մշտական տեղակայման վայրեր կազմակերպելու մասին» ՀԱՊԿ պաշտպանութեան նախարարներու խորհուրդի համատեղ որոշումը: