Կարեւոր է յաջողութեամբ աւարտել հայ-ատրպէյճանական կարգաւորման գործընթացը. ԱՄՆ պետական քարտուղարի օգնական

2023-04-18
Image

Տարածաշրջանին մէջ կայուն խաղաղութիւն եւ անվտանգութիւն հաստատելու համար կարեւոր է յաջողութեամբ աւարտել Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի միջեւ յարաբերութիւններու կարգաւորման գործընթացը, բանակցութիւններու միջոցով լուծել առկայ խնդիրները։

Ատրպէյճանական լրատուամիջոցներու հաղորդմամբ՝ այս մասին այսօր Ատրպէյճանի Արտաքին գործոց նախարար Ճէյհուն Պայրամովի հետ զրոյցին ըսած է Միացեալ Նահանգներու պետական քարտուղարի Եւրոպայի եւ Եւրասիայի հարցերով օգնականի պաշտօնակատար Տերեք Հոկան։

Ան նշած է, որ Միացեալ Նահանգները պատրաստ է աջակցելու խաղաղութեան գործընթացին։

Ըստ նոյն աղբիւրի՝ Ճէյհուն Պայրամով կրկին մեղադրանքներ ուղղած է Հայաստանի հասցէին, պնդած, թէ «Հայաստանը կը խոչընդոտէ հայ բնակիչները վերահամարկելու Ատրպէյճանի ջանքերը» եւ այլն։