Հաթայ նահանգին մէջ 5,1 ուժգնութեամբ նոր երկրաշարժ

Թուրքիոյ Հաթայ նահանգին մէջ 5,1 ուժգնութեամբ երկրաշարժ տեղի ունեցած է, յայտնած են տեղի երկրաշարժագէտները։
Բնական աղէտներու հետեւանքներու վերացման գրասենեակի տուեալներով՝ օճախը գտնուած է ծովուն մէջ՝ ինը քիլոմեթր խորութեան վրայ՝ ափէն հինգ քիլոմեթր հեռաւորութեան վրայ։
Ինչպէս հաղորդած է «ՌԻԱ Նովոստի»-ի թղթակիցը, Հաթայի բնակիչները զգացած են ցնցումներ, փլուզուած են քանի մը շէնքեր, որոնք վնասուած էին փետրուարի սկիզբը տեղի ունեցած երկրաշարժերէն։
Մինչդեռ kommersant.ru-ն նշած է, որ փետրուարի սկիզբը Թուրքիոյ մէջ տեղի ունեցած շարք մը երկրաշարժերու զոհերու թիւը աճած է՝ հասնելով 38 044-ի։ Այս մասին յայտնած է աղէտներու կառավարման տեղական գործակալութիւնը: Փլատակներու մաքրման աշխատանքներուն ներգրաւուած է աւելի քան 11 հազար փրկարար։