Հայաստանի վրայ Ատրպէյճանի յարձակումը դատապարտող օրինագիծ ներկայացուած է ԱՄՆ սենատ

2022-09-28
Image

Միացեալ Նահանգներու Սենատի արտաքին յարաբերութիւններու հարցերով յանձնաժողովի նախագահ Ռոպըրթ Մենենտես յայտնած է, որ ԱՄՆ Սենատ բանաձեւի նախագիծ ներկայացուցած է, որ կը դատապարտէ Ատրպէյճանի յարձակումը Հայաստանի վրայ:

«Հպարտութեամբ կը ներկայացնեմ Սենատի բանաձեւը, որ կը դատապարտէ Ատրպէյճանի կողմէ Հայաստանի վրայ ռազմական յարձակման վերսկսումը եւ մարդկային կեանքի նկատմամբ արհամարհական վերաբերմունքը։ Ժամանակն է, որ ԱՄՆ-ն վճռական գործողութիւններով ամրապնդէ իր աջակցութեան խօսքերը՝ դադրեցնելով ռազմական օգնութիւնն Ատրպէյճանին»,–թուիթըրեան իր էջին գրած է Մենենտես։

Միաժամանակ, Սենատի արտաքին յարաբերութիւններու պաշտօնական կայքէն կը տեղեկանանք, որ նախագծով կոչ կ'ըլլայ դադրեցնելու ռազմական ոլորտի մէջ ԱՄՆ աջակցութիւնն Ատրպէյճանին, ազատ արձակելու հայ գերիները եւ պատերազմական յանցագործութիւններու առնչութեամբ դիտարկելու Ատրպէյճանի դէմ պատժամիջոցներու հնարաւորութիւնը: