Հայաստան եւ Ատրպէյճան պէտք է ստորագրեն Պաքուի առաջարկած Համապարփակ խաղաղութեան պայմանագիրը. Չաւուշօղլու

Լոս Անճելըսի թուրք համայնքին հասցէագրած պատգամի մը մէջ, Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Մեւլութ Չաւուշօղլու խօսած է նաեւ հայ-թրքական եւ հայ-ատրպէյճանական գործընթացներուն մասին։
Ան պնդած է, որ տեւական խաղաղութեան համար Հայաստան եւ Ատրպէյճան պէտք է ստորագրեն յատկապէս Ատրպէյճանի առաջարկած համապարփակ խաղաղութեան պայմանագիրը:
Գալով հայ-թրքական յարաբերութեան կարգաւորման գործընթացին՝ Չաւուշօղլու ըսած է հետեւեալը. «Մենք ալ Հայաստանի հետ յարաբերութիւնները կարգաւորելու համար նշանակած ենք յատուկ ներկայացուցիչներ: Ըսինք՝ Վիեննան ու Մոսկուան մէկ կողմ ձգենք, Հայաստանի մէջ հանդիպինք, որոշ քայլեր առինք՝ մեր օդային տարածքը բացինք, ուղիղ թռիչքները սկսան եւ օդային փոխադրութիւնները, առեւտուրը կը սկսին: Իբրեւ արդիւնք՝ մենք որոշ քայլեր ըրած ենք, բայց Հայաստան, իր վրայ եղած ճնշումներուն պատճառով, դեռ չի կրնար մեր ուզած համարձակ քայլերը ընել»։
Նախարարը մեղադրած է «ամերիկահայ որոշ շրջանակներ», որոնք, ըստ իրեն, դէմ են Թուրքիոյ հետ յարաբերութիւններու կարգաւորման: