ՀՀ պաշտպանութեան նախարար Սուրէն Պապիկեան մեկնած է ԱՄՆ

2022-09-05
Image

ՀՀ պաշտպանութեան նախարար Սուրէն Պապիկեանի գլխաւորած պատուիրակութիւնը այսօր՝ 5 սեպտեմբերին աշխատանքային այցով մեկնած է ԱՄՆ: Տեղեկութիւնը յայտնած է ՀՀ Պաշտպանութեան նախարարութեան մամուլի ծառայութիւնը։

Նախարարի` ԱՄՆ այցի նպատակներու ու ծրագրերու մասին տեղեկութիւն չի հաղորդուիր։

Նշենք, որ 14 օգոստոսին ալ Սուրէն Պապիկեանի գլխաւորած պատուիրակութիւնն աշխատանքային այցով մեկնած էր Ռուսիոյ Դաշնութիւն: