Ձեռնպահ մնայ սադրանքներէ եւ կեդրոնանայ խաղաղ բանակցութիւններուն վրայ. Աքքարի կոչը՝ Հայաստանին

Թուրքիոյ պաշտպանութեան նախարար Հուլուսի Աքար յայտարարած է, որ Հայաստանը պէտք է «խաղաղութեան եւ բարեկամութեան ձեռք մեկնէ», այս մասին յայտնած է Anadolu-ն։
«Մենք կը փափաքինք, որ Հայաստան սեղմէ Ատրպէյճանի եւ Թուրքիոյ մեկնած՝ խաղաղութեան եւ բարեկամութեան ձեռքը, ձեռնպահ մնայ սադրանքներէ եւ կեդրոնանայ խաղաղ բանակցութիւններուն վրայ», ըստ ատրպէյճանական լրատուամիջոցներու, յայտարարած է Թուրքիոյ պաշտպանութեան նախարար Հուլուսի Աքար:
«Հայաստանը պէտք է ճիշդ օգտագործէ այս հնարաւորութիւնը։ Եթէ Հայաստանը պահպանէ հրադադարի համաձայնագիրը, ան կրնայ խաղաղութեան եւ կայունութեան մաս դառնալ։ Այդ կը նպաստէ տարածաշրջանի բոլոր երկիրներու անվտանգութեանն ու տնտեսական բարգաւաճման»,- ըսած է ան, վստահեցնելով, որ Թուրքիան «միշտ հանդէս եկած է տարածաշրջանին եւ ամբողջ աշխարհին մէջ խաղաղութեան, հանգստութեան ու կայունութեան օգտին»:
Թուրքիոյ Կայսերի քաղաքին մէջ նախարար Աքար հիւրընկալած է ատրպէյճանցի եւ վրացի իր պաշտօնակիցները: Եռակողման հանդիպման ընթացքին դրացի երկիրներու պաշտօնեաները քննարկած են տարածաշրջանին մէջ ապահովական իրավիճակը, ինչպէս նաեւ եռակողմ ձեւաչափով համագործակցութեան ընթացիկ ծրագիրները եւ հեռանկարները:
«Բոլորիս համար կարեւոր է ռազմավարական համագործակցութեան հետագայ ընդլայնումը եւ մեր երկիրներուն միջեւ համագործակցութիւնը», յայտարարած է Աքար։