Ղազախստանի մէջ աւարտած է արտակարգ դրութեան ժամկէտը

2022-01-19
Image

Ղազախստանի մէջ այսօր աւարտած է անկարգութիւններու կապակցութեամբ սահմանուած արտակարգ դրութեան ժամկէտը:

Կառավարութիւնը յայտնած է, որ «սահմանադրական կարգը երկրին մէջ արդէն վերականգնուած է, սակայն հակաահաբեկչական գործողութիւնը կը շարունակուի»:

Յիշեցնենք, որ արտակարգ դրութիւնը Յունուար 5-ին սահմանուած էր նախագահ Քասիմ-Ժոմարթ Թոքաեւի հրամանագրով:

Ղազախստանի իշխանութիւնները դեռեւս չեն ներկայացուցած փաստեր, որոնք կը վկայեն ցոյցերուն ահաբեկիչներու մասնակցութեան եւ ընդվզումները դուրսէն ուղղորդելու մասին: Ղազախստանի իրաւապահները խոստացել են համապատասխան փաստեր տրամադրել անկարգութիւններու գործերով ընթացող հետաքննութիւններու աւարտէն յետոյ: