ՄԱԿ-ի գլխաւոր քարտուղարը կոչ ըրած է «Զատկի զինադադար» հաստատելու Ուքրանիոյ մէջ

Միացեալ ազգերու կազմակերպութեան գլխաւոր քարտուղար Անթոնիօ Կութերեշ կոչ ըրած է Ապրիլ 21-էն քառօրեայ «Զատիկի զինադադար» հաստատել Ուքրանիոյ մէջ:
Կութերեշ նաեւ առաջարկած է նոր մարդասիրական միջանցքներ բանալ ռազմական գործողութիւններու գօտիներէն խաղաղ բնակչութիւնը դուրս բերելու համար:
Աւելի վաղ Ուքրանիոյ մէջ Զատիկի զինադադար հաստատելու կոչ ըրած էր նաեւ Հռոմի Ֆրանչիսկոս պապը: