ՄԱԿ-ի 193 երկիրներէն միայն 54-ը միացած են հակառուսական յայտարարութեան

ՄԱԿ-ի անդամ պետութիւններու մէկ երրորդէն պակաս մասը միացած է Ուքրանիոյ իրադրութեան վերաբերեալ հակառուսական յայտարարութեան, որ երէկ հնչած է կազմակերպութեան կեդրոնակայանին մէջ:
ՄԱԿ-ի անդամ կը հանդիսանայ 193 երկիր։ Յայտարարութիւնը ստորագրած է 54 պետութիւն, մասնաւորապէս՝ ԱՄՆ, Մեծ Բրիտանիա, Ալպանիա, Աւստրալիա, Գանատան, Չեխիա, Վրաստան, Ֆրանսա, Ճափոն, Լաթվիա, Լիթվա, Իտալիա, Սպանիա եւ Ուքրանիա: Յայտարարութիւնը կարդացած է ՄԱԿ-ի մէջ Ուքրանիոյ մշտական ներկայացուցիչ Սերգէյ Քիսլիցան։
Այդ պետութիւնները ափսոսանք յայտնած են, որ Ռուսիա չի դադրեցներ յատուկ ռազմական գործողութիւնը։ Անոնք դատապարտած են Ռուսիոյ հրթիռային հարուածները՝ ուղղուած ուքրանական տարածքին։
Յայտարարութեան հեղինակները Ռուսիոյ կոչ ըրած են անյապաղ դադրեցնելու մարտական գործողութիւնները։
Նշենք, որ Ուքրանիոյ մէջ մարտական գործողութիւնները կ'ընթանան արդէն 181-րդ օրը։