Մարիուփոլը ամբողջութեամբ ազատագրուած է. Շոյկուն Փութինին զեկուցած է ռազմական գործողութիւններու մասին

2022-04-21
Image

Ռուսաստանի պաշտպանութեն նախարար Շոյկուն Փութինին զեկուցած է Մարիուփոլի ազատագրման մասին։ Անոր խօսքով, Մարիուփոլի շրջափակման ժամանակ Ուքրանիոյ Զինուած ուժերու խմբաւորման, օտարերկրեայ վարձկաններու թիւը կը կազմէր մօտ 8100 մարդ:

Շոյկուն նաեւ յայտնած է, որ «Ազովսթալ» գործարանի տարածքին մէջ արգելափակուած է աւելի քան երկու հազար զինեալ։

Ռուսաստանի պաշտպանութեան նախարարին խօսքով՝ չնայած զինեալներու հակազդեցութեան, Մարիուփոլի մէջ տարհանուած է աւելի քան 142 հազար քաղաքացի, իսկ նաւահանգիստին մէջ գտնուող բոլոր պատանդները ազատ արձակուած են։

Շոյկուն ըսած է, որ Ռուսաստանի զինուած ուժերուն երեքէն չորս օր պիտի պահանջուի «Ազովսթալ»-ի մէջ աշխատանքները աւարտելու համար, ուր արգելափակուած են գրոհայինները:

Անոր խօսքով, այժմ ամբողջ Մարիուփոլը կը գտնուի Ռուսաստանի Դաշնութեան զինուած ուժերու եւ Տոնացքի եւ Լուկանսքի ժողովրդավարական հանրապետութիւններու վերահսկողութեան տակ: