Մաքրոն Ալիեւին կոչ է ըրած է ապահովելու ազատ տեղաշարժը Լաչինի միջանցքով

Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոն Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի հետ հեռախօսազրոյցին կոչ ըրած է ապահովելու ազատ տեղաշարժը Լեռնային Ղարաբաղի եւ Հայաստանի միջեւ, հաղորդած է Agence France-Presse-ը՝ յղում ընելով Էլիզեան պալատին։
«Հեռախօսազրոյցի ընթացքին Մաքրոն Ալիեւին յայտնած է Հարաւային Կովկասի մէջ լարուածութեան վերսկսման վերաբերեալ իր խիստ անհանգստութեան մասին եւ կոչ ըրած է ապահովելու ազատ տեղաշարժը Լաչինի միջանցքի ողջ երկայնքով»,- գրած է լրատուամիջոցը։