Մաքրոն վերնըտրուած է Ֆրանսայի նախագահ

2022-04-25
Image

Էմանուէլ Մաքրոն յաղթանակ տարած է նախագահական ընտրութիւններու երկրորդ փուլին: Նախնական տուեալներով` գործող նախագահը ստացած է ձայներուն 58,2 տոկոսը: Անոր մրցակից, «Ազգային միասնութիւն» կուսկացութեան առաջնորդ Մարին Լը Փենը ստացած է 41,8 տոկոս ձայն: Սա ամենաբարձր արդիւնքն է ծայրայեղ աջակողմեան ուժերուն համար:

Աջակեդրոն ուժերը չեն անցած: Հասարակական կարծիքի հարցումները մինչեւ վերջին պահը կը յուշէին Մաքրոնի յաղթանակին մասին, սակայն վտանգ կար, որ իշխանութեան կը գայ Մարին Լը Փենը:

Կը նշուի, որ ընտրութիւններուն երկրորդ փուլը աչքի ինկած է մասնակցութեան ցած յայտով: