Մերձաւոր Արեւելքի մէջ խաղաղութիւնը կախուած է ռուս-թրքական յարաբերութիւններէն. Էրտողան

2021-09-29
Image

Մերձաւոր Արեւելքի մէջ խաղաղութիւնը կախուած է Թուրքիոյ եւ Ռուսաստանի յարաբերութիւններէն: ТАСС-ի հաղորդմամբ՝ այս մասին յայտարարած է Թուրքիոյ նախագահ Ռեճէպ Թայէպ Էրտողանը՝ Սոչիի մէջ Ռուսաստանի առաջնորդ Վլատիմիր Փութինի հետ բանակցութիւններու ժամանակ:

«Ռուս-թրքական յարաբերութիւններու ամրապնդումը մեծ օգուտ կը բերէ: Սուրիոյ մէջ մեր համատեղ քայլերը մեծ նշանակութիւն ունին: Այս տարածաշրջանին մէջ խաղաղութիւնը կախուած է ռուս-թրքական յարաբերութիւններէն»,- ըսած է Էրտողան: