Միայն համապարփակ լուծումը կրնայ կարգաւորել Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի յարաբերութիւնները. ԱՄՆ դեսպանատան արձագանգը Պաքուին

2021-09-14
Image

Ամերիկայի Միացեալ Նահանգները, որպէս ԵԱՀԿ Մինսքի խումբի համանախագահ, կը շարունակէ հաւատարիմ մնալ Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան տեւական եւ քաղաքական կարգաւորման՝ համոզուած ըլլալով, որ միայն հիմնախնդրի համապարփակ լուծումը կրնայ կարգաւորել Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի յարաբերութիւնները: «Արմէնփրէս»-ի հարցումին ի պատասխան այս մասին ըսած են Հայաստանի մօտ Միացեալ Նահանգներու դեսպանութենէն՝ արձագանքելով Ատրպէյճանի ԱԳՆ մամլոյ ծառայութեան վարչութեան պետ՝ Լեյլա Ապտուլաեւայի յայտարարութեան:

«Որպէս Մինսքի խումբի համանախագահ, մենք կը շարունակենք հաւատարիմ մնալ Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան տեւական ու քաղաքական կարգաւորման։ Այդ նպատակին հասնելու համար կոչ կ'ընենք Հայաստանին եւ Ատրպէյճանին հնարաւորինս շուտ վերադառնալ բովանդակային քննարկումներու՝ ԵԱՀԿ Մինսքի խումբի համանախագահներու հովանիի ներքոյ: Միայն համապարփակ լուծումը, որ կ'անդրադառնայ բոլոր չլուծուած խնդիրներուն, կրնայ կարգաւորել երկու երկիրներու միջեւ յարաբերութիւնները եւ թոյլ տալ տարածաշրջանի բնակիչներուն միասին ապրել խաղաղ պայմաններու մէջ», – «Արմէնփրէս»-ին հաղորդած են Միացեալ Նահանգներու դեսպանութենէն:

Ատրպէյճանի Արտաքին գործոց նախարարութեան խօսնակ՝ Լեյլա Ապտուլաեւան, թրքական «Yeni Şafak»-ի հաղորդմամբ, մեկնաբանած էր Հայաստանի մօտ Միացեալ Նահանգներու արտակարգ եւ լիազօր դեսպան՝ Լին Թրեյսիի՝ Սեպտեմբեր 11-ին լրագրողներուն տուած այն մեկնաբանութիւնը, որ Միացեալ Նահանգները լուծուած չի համարեր Լեռնային Ղարաբաղի կարգավիճակի հարցը:

«30 տարուայ պատերազմի եւ լարուածութեան իրավիճակը չի կրնար հանգուցալուծուիլ մէկ գիշերուայ ընթացքին: Այդուհանդերձ, մենք կը հասկնանք, որ կան որոշ հիմնախնդիրներ, որոնք պէտք է լուծուին, եւ անոնցմէ մէկը, ինչպէս նախապէս ըսած եմ, այն է, որ մենք Լեռնային Ղարաբաղի կարգավիճակը որոշուած չենք համարեր եւ հետեւաբար կը շարունակենք պահել այդ հարցը Մինսքի խումբի օրակարգի վրայ», – լրագրողներու հետ զրոյցին ըսած էր Միացեալ Նահանգներու դեսպանը:

Մեկնաբանելով այս խօսքերը՝ Ապտուլաեւան «Trend» լրատուական գործակալութեան ըսած է, թէ ԱՄՆ-ի դեսպանի այդ յայտարարութիւնը «անընդունելի է»:

«Այդ տարածքները Ատրպէյճանի անքակտելի մասն են, եւ որեւէ կարգավիճակի մասին հարց չի կրնար ըլլալ», – յայտարարած է Ատրպէյճանի ԱԳՆ խօսնակը՝ աւելցնելով, թէ ամերիկեան կողմի նմանատիպ յայտարարութիւնները «կը խաթարեն» ԵԱՀԿ Մինսքի խումբի հետագայ գործունէութեան ապագան: