Միջազգային հանրութիւնը յստակօրէն չի դատապարտեր Ալիեւը. ԱՄՆ պէտք է առաջնորդէ ճանապարհը. Ատամ Շիֆ

Մենք կը սգանք անցեալ շաբաթ ատրպէյճանական ուժերու կողմէ սպանուած հայ զինուորներու մահը։ Այս մասին ըսուած է ԱՄՆ քոնկրէսական Ատըմ Շիֆի՝ Հայաստանի անկախութեան օրուայ առթիւ ըրած թուիթըրեան գրառման մէջ:
«Հայաստանի անկախութեան օրը մենք կը սգանք անցեալ շաբաթ ատրպէյճանական ուժերու կողմէ սպանուած հայ զինուորներու մահը եւ արդարութիւն կը փնտռենք տեղահանուածներու եւ ահաբեկուածներու համար։
Այդ վայրագութիւնները պիտի շարունակուին այնքան ժամանակ, քանի դեռ միջազգային հանրութիւնը յստակօրէն չի դատապարտեր Ալիեւը։ Միացեալ Նահանգները պէտք է առաջնորդէ ճանապարհը», – գրած է Շիֆը Twitter-ի իր էջին։