Միջազգային քրէական դատարանին Հայաստանին միյանալու հարցը պիտի լուծուի դաշնակցային ճանապարհով. Զախարովա

Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Մարիա Զախարովան մեկնաբանած է Հայաստանի Սահմանադրական դատարանի որոշումը Հռոմի կանոնագրութեան վերաբերեալ:
«Մոսկուա Երեւանի հետ հաստատած է բարձր մակարդակի կապեր՝ քննարկելու Միջազգային քրէական դատարանի կանոնագիրքի հնարաւոր վաւերացման հարցը:
Անհրաժեշտ չեմ նկատեր բացայայտել այդ կապերուն մանրամասնութիւնները: Կ՛ենթադրենք, որ այս հարցը պիտի կարգաւորուի դաշնակցային եւ փոխընդունելի ձեւով», ըսած է ան:
Յիշեցնենք, որ նախորդ շաբաթավերջին, Երեւանի մէջ, Սահմանադրական դատարանը յայտարարեց, թէ Միջազգային քրէական դատարանի կանոնագիրքը կը համապատասխանէ Հայաստանի մայր օրէնքին: Եթէ անիկա վաւերացուի նաեւ խորհրդարանին մէջ, Հայաստանի իրաւապահները պարտաւոր կ՛ըլլան ձերբակալելու Ռուսիոյ նախագահը, եթէ վերջինս Հայաստան այցելէ: