Միջուկային զէնքի կիրառումը միանգամայն անընդունելի է, եզրագիծէն նահանջելու ժամանակն է. Կութերեշ

ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղար Անթոնիօ Կութերեշը նախազգուշացուցած է Ուքրանիոյ պատերազմին միջուկային զէնքի կիրառումէն, յայտնած է dw.com-ը:
«Այսպէս կոչուած մարտավարական միջուկային զէնքի կիրառումը միանգամայն անընդունելի է, եզրագիծէն նահանջելու ժամանակն է»,- ըսած է Կութէրէշ Նիու Եորքի մէջ ՄԱԿ-ի Գլխաւոր վեհաժողովի արտակարգ նիստի բացման ժամանակ։
«Վերջին մէկ տարուան ընթացքին մենք ոչ միայն ականատես եղանք տառապանքներու եւ աւերածութիւններու, այլ աւելի ու աւելի ակնյայտ կը դառնայ, որ այս ամէնը կրնայ աւելի վատ ընթացք ստանալ»,- ըսած է Կութերեշ: