Յունաստանի ԱԳ նախարարը դատապարտած է Թուրքիոյ Իրաք ներխուժումը

2021-02-15
Image

Յունաստանի Արտաքին գործոց նախարար Նիքոս Տենտիասը նշած է, որ Յունաստանը լիովին կ'աջակցի Իրաքի միասնութեանն ու տարածքային ամբողջականութեան եւ կը դատապարտէ Իրաքի տարածք բոլոր անօրինական ներխուժումները, որոնք Թուրքիան կ'անուանէ «խաղաղապահ գործողութիւններ», կը յայտնէ Greek City Times-ը:

«Լաւ բարիդրացիական յարաբերութիւններու ծիրէն ներս մենք կը պնդենք, որ երկիրները պէտք է խուսափին ցանկացած սպառնալիքէ», - ըսած է Տենտիասը՝ Իրաքի արտաքին գործոց նախարար Ֆուատ Հուսէյնի հետ համատեղ յայտարարութեան ընթացքին եւ շեշտած, որ Յունաստանը նպատակ ունի խթանել խաղաղութիւնն ու բարգաւաճումը: Այս ծիրէն ներս ալ  կազմակերպուած է երէկ կայացած «Ֆիլիա» համաժողովը՝ եօթ այլ երկիրներու հետ համատեղ: Տենտիասը շեշտած է, որ համաժողովը ուղղուած չէ որեւէ մէկու դէմ եւ այն պարզապէս բազմակողմ համագործակցութեան ջանք է եւ այն բաց է միջազգային իրաւունքը յարգող եւ տարածաշրջանին մէջ կայունութեան ամրապնդան աջակցող բոլոր երկիրներուն համար:

Տենտիասը նշած է, որ Յունաստանը լիովին կ'աջակցի Իրաքի միասնութեանն ու տարածքային ամբողջականութեան եւ կը դատապարտէ Իրաքի տարածք բոլոր անօրինական ներխուժումները, որոնք յայտնի են որպէս «խաղաղապահ գործողութիւններ»:

Յունաստանը կը կարծէ, որ երկկողմ վէճերը պէտք է լուծուին խաղաղութեամբ եւ միջազգային իրաւունքի հիման վրայ:

Երկու նախարարները պայմանաւորուած են յաջորդ հանդիպման մասին, որու շրջագիծէն ներս Տենտիաս պիտի այցելէ Պաղտատ, Իրպիլ եւ Պասրա: Իրաքի արտաքին գործոց նախարարը Յունաստանի հետ յարաբերութիւնները պատմական որակած է եւ շեշտած, որ իր երկիրը յատկապէս կը գնահատէ ահաբեկչութեան դէմ պայքարին մէջ Յունաստանի աջակցութիւնը:

Հանդիպման ընթացքին քննարկուած են առեւտուրի հիմնախնդիրներ, յատկապէս ուժանիւթի ոլորտի մէջ, եւ այն, թէ ինչպէս կրնան յունական ընկերութիւնները ներդրումներ կատարել Իրաքի մէջ: Իրաքի արտաքին գործոց նախարարը նշած է, որ յունական ընկերութիւնները կրնան իրենց ուշադրութիւնը սեւեռել Պասրայի վրայ, ուր նաւահանգիստ կայ: