Պայտընը եւ Էրտողանը ՆԱԹՕ-ի գագաթաժողովին պիտի քննարկեն Լեռնային Ղարաբաղի հարցը

2021-06-08
Image

Լեռնային Ղարաբաղը նոյնպէս ներառուած է այն հարցերու ցանկին մէջ, որոնք ԱՄՆ-ի եւ Թուրքիոյ նախագահները պէտք է քննարկեն ՆԱԹՕ-ի գագաթաժողովի շրջածիրէն ներս իրենց հանդիպման ընթացքին:

«Երկու առաջնորդները պիտի ունենան լայն եւ համընդգրկուն օրակարգ տարածաշրջանային խնդիրներու վերաբերեալ, ինչպիսիք են Միջերկրական ծովու արեւելքը, Սուրիան, Իրանը, Լեռնային Ղարաբաղը»,- ճեպազրոյցի ժամանակ յայտարարած է ԱՄՆ ազգային անվտանգութեան հարցերով խորհրդական Ճէյք Սալիվանը:

Ան նշած է, որ Ճօ Պայտընը եւ Ռեճէպ Թայէպ Էրտողանը պիտի քննարկեն շատ հարցեր, այդ շարքին` մարդու իրաւունքները: Ըսելով, որ Պայտընը լաւ կը ճանչնայ Էրտողանը՝ Սալիվանը նշած է, որ երկու երկիրներու ղեկավարները յոյս ունին օգտագործել այս հնարաւորութիւնը, որպէսզի դիտարկեն յարաբերութիւններու բոլոր կողմերը»:

Նշելով, որ հանդիպման օրակարգին մէջ պիտի ըլլայ նաեւ Թուրքիոյ դերը Աֆղանստանի բանակցութիւններուն եւ դիւանագիտութեան մէջ, Սալիվանը յայտարարած է, որ հանդիպման ժամանակ պիտի անդրադառնան նաեւ այն թեմաներուն, որոնց շուրջ երկու երկիրները տարբեր կարծիք ունին։