Պայտըն մի քանի անգամ մեծցուցած է փախստականներու ընդունման սահմանաչափը

2021-05-04
Image

ԱՄՆ նախագահ Ճօ Պայտընը յայտնած է 2021 թուականին փախստականներու ընդունման ծրագրի թարմացման մասին, իսկ աւելի յստակ՝ փախստականներու թիւը 62.5 հազարի հասցնելու մասին։ Նման դիրքորոշումը պայմանաւորուած է Դեմոկրատական կուսակցութեան կողմէ անոր գործունէութեանն ուղղուած քննադատութեամբ։ Այս մասին կը յայտնէ Reuters գործակալութիւնը։

ԱՄՆ նախագահը փոխած է կարծիքը 2 շաբաթ անց այն բանէն ետք, երբ անոր վարչակազմը յայտարարած է գաղթականութեան սահմանաչափը պատմական ցած մակարդակի՝ 15 հազարի վրայ պահպանելու մասին։ 15 հազար փախստականի ընդունման մակարդակը սահմանած էր նախորդ նախագահ, հանրապետական Տանըլտ Թրամփը։

Պայտընի յայտարարութեան մեջ նշուած է, որ ցուցանիշները չեն համապատասխաներ երկրի արժէքներուն, համաձայն որոնց՝ փախստականներու աջակցութիւնն ու ընդունումը լիարժէքօրէն ողջունելի է։