Պայտըն պտուտահողմերու պատճառով Միսիսիփի նահանգի մէջ արտակարգ դրութիւն յայտարարեց

2023-03-27
Image

Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ճօ Պայտըն Միսիսիփի նահանգի մէջ արտակարգ դրութիւն յայտարարած է նահանգը պատուհասած պտուտահողմերու պատճառով եւ կարգադրած է դաշնային օգնութիւն տրամադրել տեղական իշխանութիւններուն՝ ստորագրելով համապատասխան փաստաթուղթը, ըսուած է Սպիտակ տան կայքին մէջ։

Պետական աջակցութիւնը կրնայ ներառել դրամաշնորհներ ժամանակաւոր բնակարաններու, տուներու վերանորոգման համար, աժան վարկեր՝ չապահովագրուած գոյքի կորուստները ծածկելու համար եւ այլ ծրագրեր՝ օգնելու անհատներուն եւ ձեռնարկութիւններու սեփականատէրերուն վերականգնուին բնական աղէտի հետեւանքներէն ետք:

Յիշեցնենք, որ հզօր պտուտահողմերը մի քանի տասնեակ մարդու կեանք խլած են, զօրաւոր քամին վնասած է շէնքերը, արմատախիլ ըրած ծառերը եւ վնասած ելեկտրահաղորդման գիծերը: