Պատրաստ եմ դառնալու Թուրքիոյ նախագահի թեկնածու. Քեմալ Քըլըչտարօղլու

Թուրքիոյ մէջ ընդդիմադիր Ժողովրդահանրապետական կուսակցութեան ղեկավար Քեմալ Քըլըչտարօղլուն յայտարարած է, որ դէմ չէ յառաջիկայ նախագահական ընտրութիւններուն ընդդիմութեան թեկնածուն դառնալուն։
«Ես կ'ուզեմ նախագահի թեկնածու ըլլալ, բայց գլխաւորը երկրի ապագան է, ոչ թէ առանձին մարդոց։ Ցանկացած կուսակցութեան նախագահ կրնայ դառնալ նախագահի թեկնածու, բայց կազմակերպութիւնը չէ որ պիտի որոշէ այդ մէկը։ Կարեւորը այն է, որ թեկնածուն առանձնացնեն ընդդիմադիր 6 կուսակցութիւններու առաջնորդները»,-ըստ «Yeni Şafak»ին, ըսած է Քըլըչտարօղլուն:
Աւելի վաղ Քեմալ Քըլըչտարօղլուի նախաձեռնութեամբ վեց ընդդիմադիր կուսակցութիւններու առաջնորդները հանդիպումներ ունեցած են, որոնց մասնակցած են պահպանողական-ազգայնական «Լաւ» կուսակցութեան ղեկավար Մերալ Աքշեները, աջ պահպանողական սիւննի «Երջանկութիւն» կուսակցութեան նախագահ Թեմել Քարամոլլաօղլուն, քեմալական-պահպանողական դեմոկրատական կուսակցութեան ղեկավար Կիւլթեքին Ույսալը, լիպերալ «Ժողովրդավարութիւն եւ բեկման կուսակցութեան» առաջնորդ Ալի Պապաճանը եւ Թուրքիոյ նախկին վարչապետ, «Ապագայ» կուսակցութեան ղեկավար Ահմետ Տաւութօղլուն:
Հանդիպումէն ետք Թուրքիոյ ընդդիմադիր կուսակցութիւններու վեց առաջնորդներ յայտարարութիւն ըրած են երկիրը «կառավարման ուժեղացուած խորհրդարանական համակարգին» անցնելու վերաբերեալ յուշագիր նախապատրաստելու մասին։
Թուրքիոյ մէջ յաջորդ համընդհանուր ընտրութիւնները՝ ե՛ւ նախագահական, ե՛ւ խորհրդարանական, նշանակուած են 2023 թուականի 18 յունիսին։