Պաքուի մէջ Ֆրանսայի դեսպանը ԱԳՆ կանչուած է

2022-12-29
Image

Ատրպէյճանի իշխանութիւնները այնքան մտահոգուած են Պաքուի վարքագծի դէմ Ֆրանսայի մէջ բարձրացած բողոքի ալիքով, որ Ֆրանսայի դեսպանը շտապ կանչած են ԱԳՆ։

Ատրպէյճանական լրատուամիջոցներու հաղորդմամբ՝ Ատրպէյճանի մէջ Ֆրանսայի դեսպան Անն Պուայոնը կանչուած է Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարութիւն։ Անոր բողոքի գիր յանձնուած է ՝ Ֆրանսայի քաղաքական կուսակցութիւններու ներկայացուցիչներու կողմէ նախագահ Էմանուէլ Մաքրոնին ուղղուած՝ Արցախի եւ Հայաստանի պաշտպանութեան համար շարք մը միջոցներ ձեռնարկելու մասին կոչի կապակցութեամբ։