Պաքուն կը պնդէ, որ Հայաստանը «արհեստական խոչընդոտներ կը ստեղծէ»

2023-02-08
Image

«Հայաստանը կը փորձէ շահագործնել բանակցային գործընթացը»։ Այսպիսի մեղադրանքով հանդէս եկած է Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը։

Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարութեան մամուլի ծառայութեան ղեկավար Այհան Հաճիզատէն յայտարարած է, որ Երեւանը «կը ջանայ մոլորեցնել միջազգային հանրութիւնը՝ կառուցողական կողմ ներկայանալով»։

«Ինչպէս յայտնի է, հայկական կողմն է, որ խախտելով խաղաղութեան պայմանագրի վերաբերեալ բանակցային գործընթացի համաձայնեցուած ընթացքը, անցեալ տարուան դեկտեմբերին հրաժարած է բանակցութիւններէն։ Սակայն այժմ, բանակցութիւններուն վերադառնալու փոխարէն, հայկական կողմը կը փորձէ արհեստականօրէն արգելակել զանոնք»,-ըսած է ան։