Պաքու դժգոհ է «Զանգեզուրի միջանցք»ի հարցով Իրանի աջակցութեան բացակայութենէն

Հակառակ փոխըմբռնման յուշագրի առկայութեան, իրանեան կողմի հետ «Զանգեզուրի միջանցքի» զարգացման առաջընթաց չկայ։ Այս մասին լրագրողներու հետ ճեպազրոյցին յայտարարած է Ատրպէյճանի Արտաքին գործոց նախարարութեան մամուլի ծառայութեան ղեկավար Այխան Հաճիզադէն։
«Անկասկած, երկկողմ յարաբերութիւններու մէջ այդ բացասական երանգներու առկայութիւնը կ'ազդէ նաեւ այլ ուղղութիւններու, այդ շարքին՝ փոխադրային եւ տնտեսական հարցերու վրայ»,- ըսած է Ատրպէյճանի Արտաքին գործոց նախարարութեան ներկայացուցիչը։