Պլինքըն-Լաւրով հանդիպում 21 Յունուարին

2022-01-19
Image

ԱՄՆ պետական քարտուղարութիւնը հաստատած է, որ Յունուար 21-ին Ժընեւի մէջ տեղի պիտի ունենայ Միացեալ Նահանգներու եւ Ռուսաստանի արտաքին գերատեսչութիւններու ղեկավարներ Էնթոնի Պլինքընի եւ Սերկէյ Լաւրովի հանդիպումը:

«Այսօր պետական քարտուղարը հեռախօսով զրուցած է Ռուսաստանի արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրովի հետ: Անոնք պայմանաւորուած են հանդիպիլ Ժընեւի մէջ, պետական քարտուղարի Քիեւ եւ Պերլին այցելութենէն ետք: Մենք մշտական կապ ունինք ռուսական կողմին, ինչպէս նաեւ մեր դաշնակիցներուն եւ գործընկերներուն հետ», ըսած է պետական քարտուղարութեան խօսնակը:

«Բարձրաստիճան պաշտօնեաներու հանդուպումը կը վկայէ, որ «դիւանագիտութիւնը, գուցէ, չէ մահացած», նշած է խօսնակը:

Կ'ենթադրուի, որ Պլինքընն ու Լաւրովը կը քննարկեն անվտանգութեան երաշքխիքներու վերաբերեալ Մոսկուայի պահանջներուն եւ Ուքրանիոյ հակամարտութեան հարցերը:

«Այս հանդիպումը Միացեալ Նահանգներու համար Ռուսաստանի հետ լուրջ մտահոգութիւններու շուրջ միտքեր փոխանակելու եւ համաձայնութեան եզրեր գտնելու իրական հնարաւորութիւն է», ըսած է պետական քարտուղարութեան պաշտօնեան:

Ժընեւ մեկնելէ առաջ Պլինքըն այս շաբաթ Քիեւի մէջ պիտի հանդիպի Ուքրանիոյ նախագահ Վլատիմիր Զելունսքիի եւ արտաքին գործերու նախարար Տմիթրի Քուլեպայի հետ, ապա պիտի մեկնի Պերլին, ուր պիտի հանդիպի արտաքին գործոց նախարար Աննալենա Պորքեքի հետ: