Պրիւքսէլի մէջ Ռուսաստան-ՆԱԹՕ խորհուրդի նիստ. Առաջինը՝ 2019-էն ի վեր

2022-01-14
Image

2019-էն ի վեր առաջին անգամ ըլլալով, երէկ Պրիւքսէլի մէջ տեղի ունեցաւ Ռուսաստան-ՆԱԹՕ խորհուրդի նիստը, որու քննարկման թեման «անվտանգութեան երաշխիքներու» վերաբերեալ Մոսկուայի առաջադրած պահանջներն էին։

Բանակցութիւններուն կը մասնակցէին ՆԱԹՕ-ի գլխաւոր քարտուղար Ենս Սթոլթընպըրկը, ռազմական դաշինքի 30 պետութիւններու մշտական ներկայացուցիչները եւ ԱՄՆ պետքարտուղարի տեղակալ Ուենտի Շերմանը։ Ռուսական պատուիրակութիւնը կը գլխաւորեն արտաքի գործոց փոխնախարար Ալեքսանտր Կրուշքօն եւ պաշտպանութեան փոխնախարար Ալեքսանտր Ֆոմինը։

Ռուսաստանը Արևմուտքէն փաստաթուղթով ամրագրուած «անվտանգութւան երաշխիքներ» կը պահանջէ, այդ շարքին՝ երբեք չընդունիլ Ուքրանիան կամ նախկին ԽՍՀՄ այլ երկիր ՆԱԹՕ-ի կազմ եւ դուրս բերել ռազմական ենթակառուցուածքներն ու դաշինքի ուժերը Արեւելեան Եւրոպայի այն երկիրներէն, որոնք Հիւսիսատլանտեան դաշինքին միացած են 1997-էն յետոյ:

Մոսկուան այս պահանջները կ'առաջադրէ Արեւմուտքի հետ յարաբերութիւններուն մէջ նոր լարուածութեան լոյսին տակ։ Արեւմտեան երկիրները մտավախութիւն ունին, որ Ռուսաստանը կրնայ ներխուժել Ուքրանիա, որու սահմաններուն արդէն կեդրոնացուցած է հազարաւոր զինուորականներ եւ ռազմական սարք։

Մոսկուան կը հերքէ մեղադրանքները եւ իր հերթին կը մեղադրէ Քիեւը Արեւմուտքի օգնութեամբ ռազմական ներուժը մեծցնելու համար, ինչպէս նաեւ կը քննադատէ Հիւսիսատլանտեան ռազմական դաշինքին Ռուսաստանի սահմաններուն մօտ զօրավարժութիւններ անցընելու համար։