Ռուսական կործանիչներն աւելի քան 40 օդային հարուած հասցուցած են Սուրիոյ մէջ՝ Տէր Զօր տանող ճանապարհը ահաբեկիչներէն մաքրելու համար. SOHR

2021-01-18
Image

Մարդու իրաւունքներու սուրիական դիտորդական կեդրոնի (SOHR) աքթիւիսթները ֆիքսել են Սուրիոյ մէջ «Իսլամական պետութիւն» ահաբեկչական խմբաւորման դիրքերու ուղղութեամբ ռուսական կործանիչներու իրականացուցած օդային հարուածները:

Ինչպէս կը յայտնէ դիտորդական կեդրոնի կայքը, ռուսական ինքնաթիռներն երէկ առաւօտեան աւելի քան 40 օդային հարուած իրականացուցած են Հալէպ-Համա-Ռաքքա քաղաքներուն մէջ:

Միեւնոյն ժամանակ Սուրիոյ կառավարական ուժերը եւս կը շարունակեն օդային հարուածներ հասցնել Տէր Զօրի եւ Հոմսի միջեւ ինկած տարածաշրջանու մէջ՝ ապահովելու համար երկու նահանգները միաւորող ճանապարհի անվտանգութիւնը:

Ահաբեկիչներէն տարածքի մաքրման գործողութիւնները կ'իրականացուին ռուսական ուղղաթիռներու աջակցութեամբ: